Միջազգային պասքեթպոլի ֆետերասիոնը (ՖԻՊԱ) Ռուսիոյ բոլոր հաւաքականները զրկեց միջազգային մրցումներու մասնակցելու իրաւունքէն, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Անիկա հետեւանք է ռուսական ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման:
Նշուեցաւ, որ սահմանուած պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի ըլլան, մինչեւ որ կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուի այլ որոշում մը:


