Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Սփեցիային, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը փենալթիով նշանակեց Թեմի Ապրահամ… 90+9-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ հռոմեան կազմը 44 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը` 13 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիէն:


