Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը աշխարհի տարածքին գտնուող մարզական բոլոր ֆետերասիոններուն եւ միջազգային մրցաշարքեր եւ ախոյեանութիւններ կազմակերպողներուն առաջարկեց Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ բոլոր մարզիկներուն արգիլել միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներուն մասնակցիլ:
Եթէ պատահի, որ անոնք մասնակցին, պէտք է ներկայանան իբրեւ չէզոք մարզիկ, յայտնեց կազմակերպութեան կայքը:
Նշենք, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հողերուն վրայ կատարուելիք ամէն տեսակի միջազգային մրցաշարքերը ջնջուեցան: