Յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի խումբը երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, շարունակեց իր փորձերը, լաւապէս պատրաստուելու համար Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուելիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն:
Նշենք, որ երէկուան փորձերուն խումբին միացան յաւելեալ նորեկ երկսեռ մարզիկներ` աւելի զօրացնելու համար ՀՄԸՄ-ի կազմը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս փորձերուն կը հսկէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ֆետերասիոնի գանձապահ Մարիա Գէորգեան` իրեն հետ ունենալով իր օգնական խմբակը:
Նշենք, որ կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, 6 մարտին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քրոս-քաունթրիի ախոյեանութիւնը:


