Անգլիական «Տէյլի Միրըր» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է անգլիական Լիծ Եունայթըտի պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիայով:
Նշուեցաւ, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստը իր բանակցութիւները դադրեցուցած է իր ակումբին հետ եւ մտադիր չէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
Ֆութպոլիստով հետարքրուած է նաեւ գերմանական Պայէրն Միւնիխը:
Ան հոկտեմբեր 2020-ին ֆրանսական Ռեննէն միացաւ Լիծի` անոր հետ մինչեւ յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 22 մրցում` նշանակելով 9 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով: