Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կայքը յայտնեց, որ 2021-2022 թուականներուն մրցաշարքեր կազմակերպելով, կազմակերպութիւնը ապահոված է 5,7 միլիառ եւրոյի հասոյթ մը, ինչ որ կը նկատուի մրցանշային:
Նախկին մրցանիշը արձանագրուած էր 2015-2016 թուականներու մրցաշարքերուն ընթացքին` 4,58 միլիառ եւրօ:
2020-2024 թուականներուն «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի անդամ երկիրներու ազգային ֆետերասիոնները պիտի ստանան 775 միլիոն եւրօ, ֆութպոլի զարգացման ծրագիրներու համար:
Իսկ 2024-2028 թուականներուն այդ գումարը պիտի կազմէ 935 միլիոն եւրօ:


