Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ցարդ չէ երկարաձգած իր պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ, եւրոպական երեք անուանի ակումբներ բաւական մօտէն հետաքրքրուած են հայրենի ֆութպոլիստով:
Նշուեցաւ, որ Ինթեր Միլանի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի, որ մեծ համակրանք ունի հայ ֆութպոլիստին նկատմամբ, անոր ապագան կը տեսնէ իր կազմին հետ:
Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ Նափոլի, Թոթենհամ, ինչպէս նաեւ Ասթոն Վիլա: