Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան «Նայքի» մարզական պիտոյքներ արտադրող հանրածանօթ ընկերութիւնը իր համագործակցութիւնը դադրեցուց ռուսական Սպարտակ Մոսկուա ֆութպոլի ակումբին հետ:
Ինչպէս ծանօթ է, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին որոշումով, ռուսական ակումբներուն արգիլուեցաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցիլ, ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Նշենք, որ «Նայքի» 2005-էն ի վեր Սպարտակ Մոսկուայի գործընկերն էր:


