Լիվըրփուլի գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ եւ նետերլանտցի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք ներկայիս թէեւ վնասուածքներ ունին, սակայն անոնք մինչեւ 28 մայիս ապաքինելով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մէջ:
Անոնք երկուքը թէեւ բացակայեցան Սաութհեմփթընի դէմ կատարուած 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումին, սակայն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յառաջիկայ 22 մայիսին Վուլվզի դէմ տեղի ունենալիք 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումին:
Նշենք, որ Անգլիոյ նոր ախոյեանին անունը պիտի վճռուի վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք միայն:
Մանչեսթըր Սիթի ունի 90 կէտ, մինչ Լիվըրփուլ` 89 կէտ: