Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») առաջին մրցումին, Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժես Պէյրութը, անոր դէմ արձանագրեց 83-57 արդիւնքով յաղթանակ մը (28-16, 19-14, 22-13 եւ 14-14):
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին խմբապետ Հայկ Կէօքճեան (14 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Սալեհ Մաժտի (18 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ անոնց խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 19 կէտ:
Իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն (22 կէտ):
Նշենք, որ կիսաւարտականի եւ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, խումբերուն արտօնուած է իրենց կազմը օժտել օտար մարզիկով մը:
Վաղը` շաբաթ, 21 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Տինամոն: