Լեհական Փոկոն ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող միջնապահ Վահան Բիչախչեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Գիւմրեցի միջնապահը, հաւաքականին միանալով, այսպիսով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ յունիսին սկսելիք Ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ հայրենի կազմը կատարէ չորս մրցում:
4 յունիսին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Իրլանտան, չորս օր ետք հիւրը պիտի ըլլայ Սկովտիոյ, մինչ երեք օր ետք Լեհաստանի մէջ պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ:
Իսկ 14 յունիսին Երեւանի մէջ իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Սկովտիոյ դէմ:
Նշենք, որ 22 տարեկան Բիչախչեան Հայաստանի հետ դաշտ ներկայացած է 13 անգամ եւ նշանակած 2 կոլ: