Էսթոնիոյ մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ 4 մետալի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի համար ոսկի մետալ ապահովեց Ռուբէն Գարբոյեան (54 քկ), մինչ արծաթէ մետալի տիրացան Արմէն Ղուշչեան (51 քկ), Յարութիւն Յակոբկոխեան (67 քկ) եւ Տիգրան Մելքոնեան (71 քկ):
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 երկիրներէ ներկայացուցիչներ:
Հայրենի մարզիկները Էսթոնիոյ մէջ հանդէս եկան մարզիչ Գարիկ Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեան եւ փոխնախագահ Արթուր Կրիկեան: