Ինչպէս ծանօթ է, 6-16 յունիսին տեղի պիտի ունենայ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 13-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը:
Երէկուան դրութեամբ, անոր իրենց մասնակցութիւնը բերելու իրենց հաւանութիւնը տուին 8 երկիրներէ 55 ճատրակ խաղացողներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ցարդ կը նշուին կրանտմասթըրներ Հրանդ Մելքումեանի, Սամուէլ Տէր Սահակեանի, Զաւէն Անդրէասեանի, Սեթուրամանի (Հնդկաստան) եւ Թամազ Կելաշվիլիի (Վրաստան) անունները:
Իր ունեցած վարկանշային կէտերով ներկայիս յառաջատարն է Մելքումեան:
Մասնակցութեան համար ցարդ իրենց անունները արձանագրած են միջազգային եօթը եւ ՖԻՏԷ-ի երեք վարպետներ:
Նշուեցաւ, որ յուշամրցաշարքին մասնակցութեան համար ցարդ պատասխաններ եկած են Պիելոռուսիայէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Ղազախստանէն, Ֆիլիփեան կղզիներէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն: