Ամերիկեան միջազգային հանրածանօթ վիճակագրութիւններ կատարող «Ֆորպս» ընկերութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ աշխարհի ֆութպոլի ամէնէն հարուստ ակումբներու դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնա, որուն արժէքը կը գնահատուի 4,76 միլիառ եւրօ:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Ռէալ Մատրիտ (4,75 միլիառ եւրօ), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Պայէրն Միւնիխ (4,21 միլիառ եւրօ):
Յաջորդաբար 4-էն 8-րդ դիրքը կը գրաւեն անգլիական ակումբները` Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի, Չելսի եւ Արսենալ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, մինչ լաւագոյն տասնեակը կ՛եզրափակէ Թոթենհամ:


