Սպանական Սեւիլլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ մրցեցան գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթն ու սկովտիական Կլասքօ Ռէյնճըրզը:
Ֆրանքֆորթ յաջողեցաւ տիտղոսին տիրանալ, երբ փենալթիներով արձանագրեց 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ նախքան փենալթիները, մրցումին 90 եւ ապա 30 վայրկեանները աւարտած էին 1-1 արդիւնքով:
Նախորդ անգամ Ֆրանքֆորթ աւարտական հանգրուան հասած էր 42 տարի առաջ, երբ դարձած էր «ԵՈՒ. Է. Էֆ. Ա.»-ի տիտղոսակիր:
Իսկ Ռէյնճըրզ, որ 2008-ին հասած էր աւարտականին, պարտուած էր ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն:
Այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալէ բացի, Ֆրանքֆորթ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ դարձաւ երրորդ ակումբը, որ տարեշրջանը (այս մրցաշարքին գծով) կ՛աւարտէ առանց պարտութեան (8 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն):
Նախապէս այս իրագործումը կատարած էին Վիարէալ եւ Չելսի:
Այսպիսով, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:


