Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ պատկերասփիւռի կայաններուն արգիլուեցաւ 2026-ի ձմեռնային եւ 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը պատկերասփռել:
Բնականաբար ասիկա հետեւանք է Ռուսիոյ զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման:
2026-ի ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան իտալական Միլանօ եւ Քորթինա քաղաքներուն մէջ, իսկ 2028-ի ամառնային խաղերը` Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):