«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ Մայեմի Հիթ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ մրցեցաւ Տալաս Մավըրիքսի դէմ, արձանագրեց 112-87 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սթեֆըն Քարի (21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ): Իսկ Տալասէն 20 կէտ նշանակեց սլովենիացի Լուքա Տոնքիչ:
Ինչ կը վերաբերի արեւելեան շրջանի առաջին ճակատումին, Մայեմի Հիթ 118-107 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին: Յաղթական կազմէն 41 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր: