Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին 38 տարեկան յառաջապահ Ֆրետ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Պրազիլական մարզական մամուլին համաձայն, անոր մօտ յառաջացած են առողջական խնդիրներ:
Ֆրանսական Լիոնի հետ իր ունեցած ելոյթներով յայտնի ֆութպոլիստը վերջին շրջանին մաս կը կազմէր Ֆլումինենսէի, որուն հետ երկու անգամ հանդիսացաւ Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեան:
Բացի վերոնշեալ ակումբներէն, ան մաս կազմած է նաեւ Քրուզէյրոյի, Աթլեթիքօ Մինէյրոյի եւ Ամերիքա Մինէյրոյի:
Իսկ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 39 մրցումի ընթացքին նշանակած է 18 կոլ: