Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի եւ ակումբին մաս կազմող եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները արդիւնք չտուին նոր պայմանագիրի երկարաձգման գծով:
30 տարեկան Սալահի պայմանագրութիւնը Լիվըրփուլի հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Ան չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, որպէսզի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտին դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ միանայ իր նախասիրած կազմին:
Սալահ, որ 2017-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լիվըրփուլին, նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարեց 51 մրցում, նշանակեց 31 կոլ եւ կատարեց 16 էսիսթ:
Ներկայիս Սալահի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով:


