Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուին Հայկ Մարտիրոսեան եւ Հանս Նիման:
Այս հանգրուանին Մարտիրոսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալեքսանտր Տոնչենքոյի հետ, մինչ Նիման յաղթեց Մամիկոն Ղարիբեանին:
Անոնք այժմ ապահոված են 2-ական կէտ` առաւելագոյն 3 կէտէն:
1,5-ական կէտ ունին Շանթ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ չորս ուրիշներ: