Պենֆիքային մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Տարվին Նունեզ միացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլին` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 2028:
Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, անոր այս փոխանցման համար Լիվըրփուլ փորթուգալեան ակումբին վճարեց 75 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին 22 տարեկան ուրուկուէյցին, 41 մրցումի ընթացքին նշանակեց 34 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ: