ՓՍՎ Այնտհովընի միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ վերադարձաւ «Պունտըսլիկա» եւ միացաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր փոխանցման համար անիկա նետերլանտեան ակումբին վճարեց 4 միլիոն եւրօ:
Կէօթցէ, որ Այնտհովընին մաս կը կազմէ 2020-էն ի վեր, Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան անոր հետ 77 մրցումի ընթացքին նշանակեց 18 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
Գերմանիոյ մէջ ան անցեալին հանդէս եկած է Պայէրն Միւնիխի եւ Պորուսիա Տորթմունտի հետ: