Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառը:
Ինցակի, որ 2021-ի ամրան Լացիօ Ռոմայէն տեղափոխուած էր Ինթեր, անոր հետ հանդիսացաւ երկրի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:
Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Ինթեր Միլան տարեշրջանը աւարտեց երկրորդ դիրքին վրայ, ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի հետ: