Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 81-74 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պարսելոնային, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան (3-1):
Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ 36-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:
Պարսելոնա, որ նախորդ տարի հանդիսացած էր ախոյեան, տիտղոսակիր դարձած է 19 անգամ:


