Մարզական

Թենիս.  Ֆետերեր Նահանջեց 96-րդ Դիրք

Թենիս. Ֆետերեր Նահանջեց 96-րդ Դիրք

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 20 յունիսին հրապարակեց աշխարհի թենիս խաղացողներուն ընդհանուր նոր դասաւորումը: Առաջին տասնեակին մէջ տեղի ունեցաւ միայն մէկ փոփոխութիւն, երբ Հուպերթ Հուրքաց (Լեհաստան) 12-րդ դիրքէն բարձրացաւ 10-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 3738 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ռուս Տանիիլ Մետվետեւ (8160), մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ  Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ: Ռիատի, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ 56-47 (10-14, 15-15, 17-11 եւ 14-7) արդիւնքով յաղթելով եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը` Պէյրութը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Տղոց  16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Հանդիսացաւ Չորրորդ` 89-62 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրելէ Ետք Նոր Զելանտայէն

Ասիոյ Պասքեթպոլի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիբանան Հանդիսացաւ Չորրորդ` 89-62 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրելէ Ետք Նոր Զելանտայէն

Այսօր` երկուշաբթի, 20 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 18:30-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայան կը հասնի Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային խումբը` Քաթարի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանան երէկ 89-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Նոր Զելանտայէն, հանդիսացաւ չորրորդ: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան յաղթելէ ետք Հարաւային Քորէային...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փիւնիկ-Քլուժ Մրցումներուն Օրերը  Եւ Ժամերը Յստակացան

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ-Քլուժ Մրցումներուն Օրերը Եւ Ժամերը Յստակացան

Ինպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2022-2023 տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, երբ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քլուժը (Ռումանիա): Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ յստակացան Քլուժի դէմ կատարուելիք մրցումներուն օրերը եւ ժամերը: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 յուլիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը...

Սեսք Ֆապրեկաս Հեռացաւ Մոնաքոյէն

Սեսք Ֆապրեկաս Հեռացաւ Մոնաքոյէն

Սպանացի 35 տարեկան միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս հեռացաւ Մոնաքոյէն, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Անոր պայմանագրութիւնը հասած ըլլալով իր աւարտին, որոշուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը դադրեցնել: Յունուար 2019-ին Մոնաքոյին միացած Ֆապրեկաս իշխանապետական կազմին հետ մասնակցեցաւ ընդամէնը 68 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ֆապրեկաս մաս կազմած է նաեւ Պարսելոնայի,...

Միրոսլաւ Քլոզը Նշանակուեցաւ Աւստրիական Խումբի Մարզիչ

Միրոսլաւ Քլոզը Նշանակուեցաւ Աւստրիական Խումբի Մարզիչ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ աւստրիական Ալթախի գլխաւոր մարզիչ: Այսպիսով, 44 տարեկան Քլոզը առաջին անգամ ըլլալով ստանձնեց ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէ կարճ ատեն մը ետք, ան հետեւած էր մարզչական դասընթացքի, սակայն որոշ ժամանակ մը ետք դադար առած էր` ոտքի հարցեր ունենալուն պատճառով: Նշենք, որ անցեալին ան ստանձնած է մարզչական...

Մարսելօ Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան

Մարսելօ Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան

Ազատ ֆութպոլիստ դարձած Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Մարսելօ շատ հաւանաբար տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: 34 տարեկան պրազիլցին աւելի քան 15 տարի մաս կազմած է արքայական ակումբին եւ անոր հետ տիրացած 25 տիտղոսներու, որոնց կարգին` 5 անգամ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին: Այդ ժամանակամիջոցին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 544 մրցումի, նշանակած 37 կոլ եւ...

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  2022-2023 Տարեշրջանին Մեկնարկը  Պիտի Տրուի 5 Օգոստոսին

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան 2022-2023 Տարեշրջանին Մեկնարկը Պիտի Տրուի 5 Օգոստոսին

5 օգոստոսին մեկնարկը պիտի տրուի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանին, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 3 յունիս 2023-ին: Բացման հանգրուանին ծիրին մէջ, երկրի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Քլերմոն Ֆութին: 2022-ի Մոնտիալին պատճառով ախոյեանութիւնը դադար պիտի առնէ 13 նոյեմբերէն 28 դեկտեմբեր: 17-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 յունուար...

Էրիքսըն Հրաժարեցաւ  Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել

Էրիքսըն Հրաժարեցաւ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել

Պրենթֆորտի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կամ ալ վերադառնայ Թոթենհամ, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթ հրաժարեցաւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել այժմու իր ակումբին հետ: Էրիքսըն, որ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին միացաւ Պրենթֆորտի, 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց 3 էսիսթ:  

Մարքինիոս Միացաւ Արսենալին

Մարքինիոս Միացաւ Արսենալին

Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը իր կազմին միացուց պրազիլական Սան Փաուլոյի յառաջապահ Մարքինիոսը, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, 19 տարեկան ֆութպոլիստին այս փոխանցման համար Արսենալ վճարեց 3,5 միլիոն եւրօ: Այս տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ 17 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը:  

ՖԻՊԱ-Ասիոյ Պասքեթպոլի 16 Տարեկանէն Վար  Տղոց Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Հաստատ Քայլերով  Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

ՖԻՊԱ-Ասիոյ Պասքեթպոլի 16 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Հաստատ Քայլերով Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը

Քաթարի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ-Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 17 յունիսին Լիբանանի ազգային խումբը բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ տպաւորիչ ներկայացումով մը յաղթեց Հարաւային Քորէային, 72-64 արդիւնքով: Լիբանան ոչ միայն հասաւ կիսաւարտական հանգրուանին, այլեւ ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս (2-10 յուլիս), սպանական Մալակա քաղաքին մէջ: Նշենք,...

Աբովեանի Քաղաքային Մարզադաշտի  Վերաբացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Աբովեանի Քաղաքային Մարզադաշտի Վերաբացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ծիրին մէջ Աբովեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքային ֆութպոլի մարզադաշտի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Անոր ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին եւ այլ պաշտօնական հրաւիրեալներ: Հիմնովին վերանորոգուած այս մարզադաշտը այսուհետեւ կրնայ հիւրընկալել 3100 հանդիսատես, ինչպէս նաեւ` տեղական եւ միջազգային ֆութպոլի մրցումներ: Իր խօսքին մէջ Մելիքբէկեան...

Յունահռոմէական Ոճի Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ըմբիշները 5 Մետալի Տիրացան Ռումանիոյ Մէջ

Յունահռոմէական Ոճի Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ըմբիշները 5 Մետալի Տիրացան Ռումանիոյ Մէջ

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները 5 մետալի (մէկ արծաթ եւ 4 պրոնզ) տիրացան Պուքրեշի մէջ (Ռումանիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Խմբային դասաւորման մէջ հայրենի կազմը հանդիսացաւ 5-րդ: Այժմ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որուն Հայաստան կը մասնակցի 9 մարզիկով:  

Հայաստանի Վեթերաններու Ֆութպոլի Խումբը  4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Վրաստանին

Հայաստանի Վեթերաններու Ֆութպոլի Խումբը 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Վրաստանին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 30-ամեակին առիթով, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ վեթերաններու ֆութպոլի հրաժեշտի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի եւ Վրաստանի ֆութպոլի հաւաքականները: Մրցումը վերջ գտաւ հայրենի ֆութպոլիստներուն յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով: Նշենք, որ իւրաքանչիւր կիսախաղի տեւողութիւնը 30 վայրկեան էր: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Արթուր Սարգիսով (33-րդ), Եուրա Մովսիսեան (36-րդ), Մարքոս Փիցելլի (43-րդ) եւ Էտկար Մանուչարեան...

Կարէն Բարսեղեան` Ալաշկերտի  Գլխաւոր Մարզիչ

Կարէն Բարսեղեան` Ալաշկերտի Գլխաւոր Մարզիչ

Ալաշկերտ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 47 տարեկան մասնագէտը նախապէս 2016-ին, 2018-ին եւ 2021-ին գլխաւորած է Ալաշկերտը: Ան եղած է նաեւ Հայաստանի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներու մարզիչ: Անոր մարզչական խումբին մէջ պիտի ըլլան նաեւ մարզիչներ Սերկէյ Էրզրումեան, Արմէն Տօնոյեան եւ բերդապահներու մարզիչ Արմէն Կիրակոսեան:  

Տենի Ալվես Հեռացաւ Պարսելոնայէն

Տենի Ալվես Հեռացաւ Պարսելոնայէն

Պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայէն` նկատի ունենալով, որ ան դարձաւ ազատ ֆութպոլիստ մը, որովհետեւ  քաթալոնական կազմը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց: 2008-2016 ժամանակամիջոցին Պարսելոնային մաս կազմած Տենի Ալվես նոյեմբեր 2021-ին դարձեալ վերադարձած էր Չաւիի գլխաւորած կազմ: Ան ամէն գնով կ՛ուզէ շարունակել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, որպէսզի կարենայ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցիլ 2022-ի Մոնտիալին:

«Էն. Պի. Էյ.».  Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ  Հանդիսացաւ Երկրի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.». Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Հանդիսացաւ Երկրի Ախոյեան

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ 103-90 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պոսթըն Սելթիքսին, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այսպիսով Ուորիըրզ 4-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը: Վերջին անգամ Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ախոյեան հանդիսացած էր 2018-ին` աւարտականի մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քլիվլենտ...

Թենիս.  Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Վինըս Ուիլիըմզ  Բացակայ` Ուիմպըլտընէն

Թենիս. Ռոժէ Ֆետերեր Եւ Վինըս Ուիլիըմզ Բացակայ` Ուիմպըլտընէն

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտնեցին, որ 40 տարեկան զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր եւ 42 տարեկան ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն այս տարուան մրցաշարքին: 1996-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ անոնք երկուքը պիտի չմասնակցին տարուան երրորդ կրան շլեմի մրցաշարքին: Ֆետերեր 8 անգամ տիրացած է այս մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ Ուիլիըմզ` 5 անգամ: Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը տեղի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ  Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-Պէյրութ Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Նշենք, որ սկզբունքով աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի սկսէին այս շաբաթասկիզբին: Սակայն երբ ի յայտ եկաւ, որ Պէյրութի կարգ մը մարզիկները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, ֆետերասիոնը այդ մրցումներուն մեկնարկը յետաձգեց: Աւարտականի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ...

Հայաստանի 30 Տարուան Ֆութպոլի  Խորհրդանշական Հաւաքականը

Հայաստանի 30 Տարուան Ֆութպոլի Խորհրդանշական Հաւաքականը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով ներկայացուեցաւ Հայաստանի 30 տարուան ֆութպոլի խորհրդանշական հաւաքականը, որուն ընտրութիւնը կատարեցին ֆութպոլի համակիրները: Ստորեւ` այդ խորհրդանշական հաւաքականը. Բերդապահ` Ռոման Պերեզովսքի: Յետսապահներ` Եղիշէ Մելիքեան, Ռոպերթ Արզումանեան, Վարազդատ Հարոյեան եւ Սարգիս Յովսէփեան: Միջնապահներ` Կարլեն Մկրտչեան, Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան եւ Արթուր Պետրոսեան: Յառաջապահներ` Մարքոս Փիցելլի եւ Եուրա Մովսիսեան:

Page 391 of 1280 1 … 390 391 392 … 1,280

Արխիւներ