Լիլին մաս կազմող փորթուգալցի միջնապահ` Ռենաթօ Սանչեզ պիտի տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ մայրաքաղաքի կազմը անոր հետ պիտի ստորագրէ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը` զայն տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, անոր այս փոխանցման համար Սեն Ժերմեն Լիլին պիտի վճարէ 30 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին 24 տարեկան միջնապահը իր կազմին հետ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին կատարեց 25 մրցում, նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը Լիլի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի ամառ: