Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի տոմս մը ապահովելու համար Թեներիֆէի եւ Ժիրոնայի միջեւ տեղի ունեցած դարձի մրցումը (առաջինին դաշտին վրայ) վերջ գտաւ Ժիրոնայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը վերջ գտա 0-0 արդիւնքով, այսպիսով Ժիրոնա իրաւունք ստացաւ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ ունենալ Ա. դասակարգին մէջ («Լա Լիկա»):
Նշենք, որ քաթալոնական կազմը 2018-2019 տարեշրջանին գրաւած էր 18-րդ դիրքը եւ փոխադրուած Բ. դասակարգ:
2017-2018 տարեշրջանին Ժիրոնա առաջին անգամ ըլլալով բարձրացած էր Ա. դասակարգ եւ տարեշրջանը աւարտած 10-րդ դիրքին վրայ:
Սակայն տարեշրջան մը ետք անիկա փոխադրուած էր Բ. դասակարգ:
Ժիրոնա, որ հիմնուած է 1930-ին, 5 անգամ հանդիսացած է Գ. դասակարգի ախոյեան, իսկ մէկ անգամ ալ` Բ. դասակարգի ախոյեան:


