Նախապէս, թենիսի աղջկանց միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, տարուան մը դադարէ ետք, վերադարձաւ թենիսի դաշտերը:
Արդարեւ, ան Իսթպուրնի (Անգլիա) մէջ տեղի ունեցած «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -500» միջազգային մրցաշարքի զոյգի մրցումներուն, Օնս Ժապերի հետ ունեցաւ յաղթական վերադարձ մը, Սարա Սորիպես-Մարի Պուզքովա զոյգին դէմ` 6-2, 3-6 եւ 11-13 արդիւնքով:
Նշենք, որ 40 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ վերջին անգամ թենիսի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ 29 յունիս 2021-ին, որմէ ետք վնասուածք ստացաւ եւ այդ պատճառով բացակայեցաւ դաշտերէն:
Սերենա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 23 կրան շլեմի տիտղոսներու: