Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա ընդունեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պայմանները եւ ստիպուած պիտի ըլլայ 50 միլիոն եւրօ վճարել` իր կազմին միացնելու համար անոր լեհ յառաջապահը` Ռոպերթ Լեւանտովսքին:
Քաթալոնական ակումբը յոյս ունէր 33 տարեկան ֆութպոլիստին համար վճարել 30-35 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Լեւանտովսքի վերջերս յայտարարեց, որ մտադիր չէ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս կազմել Պայէրն Միւնիխին, հակառակ անոր որ ցարդ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ունի ստորագրած:
Լեհ յառաջապահով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Չելսի:


