Երէկ երեկոյեան Քաթարէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան եւ ապահովելէ ետք աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը. վերջինս տեղի պիտի ունենայ 2-10 յուլիսին, սպանական Մալակա քաղաքին մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, երեսփոխան Սելիմ Աուն, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի, Հայկ Թապագեան եւ Մարուն Ժըպրայել, մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Իրենց խօսքերուն մէջ, Խիամի, Աուն եւ Ռըզք բարձր գնահատեցին մարզիկներուն ձեռք ձգած այս բացառիկ իրագործումը` անոնց մաղթելով յաջողութիւն` աշխարհի ախոյեանութեան գծով:


