Մարզական

Ասիոյ Պասքեթպոլի  Տղոց Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանան 95-80 Արդիւնքով Յաղթեց  Ֆիլիփեան Կղզիներուն

Ասիոյ Պասքեթպոլի Տղոց Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան 95-80 Արդիւնքով Յաղթեց Ֆիլիփեան Կղզիներուն

Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ երէկ մեկնարկը տրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 95-80 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներուն: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (20 կէտ), մինչ 19-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Ճոնաթըն Օլտրիճ:...

Փինկ Փոնկ.  Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութիւն

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն

Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Ճիւնի, իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Պէյրութէն, ապա 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆատի Աքտասէն (3-1): Իր կարգին, երկու պարտութիւն կրեց Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, յաջորդաբար Ահլի...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային  Հաւաքականը Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Պարտութեամբ Սկսաւ Մրցաշարքը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Փրիզրեն (Քոսովօ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 12-17 յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն: Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 97-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անտորրայէն: Երկրորդ մրցումին սակայն, Հայաստան, որ մրցեցաւ Մոլտովայի դէմ, յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել 84-72...

Վարազդատ Հարոյեան`  Անորթոսիսի Ֆութպոլիստ

Վարազդատ Հարոյեան` Անորթոսիսի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ կիպրական Անորթոսիսին: Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 30 յունիս 2024: Նշենք, որ հայրենի 29 տարեկան ֆութպոլիստին նախորդ ակումբն էր սպանական Քատիսը, որ նախորդ շաբաթավերջին իր պայմանագրութիւնը խզեց անոր հետ: Անորթոսիսին միանալով, Հարոյեան այսպիսով իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեանը:

Ողիմպիականի Ախոյեան Գոռ Մինասեան  Պիտի Ներկայացնէ Պահրէյնը

Ողիմպիականի Ախոյեան Գոռ Մինասեան Պիտի Ներկայացնէ Պահրէյնը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի յառաջատարներէն, ողիմպիական խաղերու եւ աշխարհի փոխախոյեան, գիւմրեցի գերծանր քաշային կարգի (109 քկ եւ վեր) մրցումներուն մասնակցող` Գոռ Մինասեան պիտի ներկայացնէ Պահրէյնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մրցակարգի համաձայն, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն ամէն երկիր հինգական քաշային կարգերով իւրաքանչիւրին կրնայ ներկայացնել երկուքական մարզիկ-մարզիկուհի: Կ՛ակնկալուի, որ գերծանր քաշային կարգին Հայաստանը ներկայացնեն Վարազդատ Լալայեան եւ Սիմոն...

Արմէն Բաբալարեան Գլխաւորեց Հայաստանի  Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի  Ազգային Հաւաքականը

Արմէն Բաբալարեան Գլխաւորեց Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի Ազգային Հաւաքականը

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի վաստակաւոր մարզիչ Արմէն Բաբալարեան նշանակուեցաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Ան փոխարինեց Էդուարդ Սահակեանը, որ խումբին մարզիչն է 2019-էն ի վեր: 54 տարեկան Բաբալարեան մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 1995-ին: Ան գլխաւորած է նաեւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը:  

Յակոբ Յակոբեան Միացաւ  Արարատ-Արմենիային

Յակոբ Յակոբեան Միացաւ Արարատ-Արմենիային

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յակոբ Յակոբեան նախորդ շաբաթավերջին միացաւ Արարատ-Արմենիային, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յակոբ Յակոբեան, որ Բանանցի` ներկայիս Ուրարտուի սան է, մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներուն: 25 տարեկան Յակոբեան Բանանց-Ուրարտուին մաս կազմեց 16 տարի` անոր հետ մէկ անգամ դառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան (2013-2014), իսկ մէկ անգամ ալ` Հայաստանի բաժակակիր (2015-2016):...

Արամ Քոչարեան Միացաւ Վիթեպսքի

Արամ Քոչարեան Միացաւ Վիթեպսքի

Հայրենի ֆութպոլիստ Արամ Քոչարեան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ տեղափոխուեցաւ Վիթեպսքի (Պիելոռուսիա), այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 26 տարեկան միջնապահ Քոչարեան իր նոր ակումբին հետ կէս տարուան (մինչեւ 31 դեկտեմբեր) պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Ան 2021-2022 տարեշրջանին առաջին բաժինը մաս կազմեց Փիւնիկ Երեւանին, իսկ երկրորդ բաժինը` Նորավանքին: Նշենք, որ թէեւ ան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, սակայն ցարդ պաշտօնական որեւէ...

Հենրիխ Մխիթարեան Ինթեր Միլանի Հետ  Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Հենրիխ Մխիթարեան Ինթեր Միլանի Հետ Իր Նորամուտը Նշեց Յաղթանակով

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր նորամուտը Ինթեր Միլանի հետ նշեց յաղթանակով: Միլանեան կազմը, որ Զուիցերիոյ մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լուկանոյի դէմ, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: 33 տարեկան Մխիթարեան, որ իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ Ա. կիսախաղին միայն: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց արժանթինցի յառաջապահ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք.  Այսօր` Լիբանան-Սէուտական Արաբիա

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան-Ֆիլիփեան Կղզիներ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, այսօր` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին Ինտոնեզիոյ մէջ կը կատարէ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը, երբ ժամը 16:00-ին (Պէյրութի Ժամանակացոյցով), կը մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Նոր Զելանտան եւ Հնդկաստանը: Նշենք, որ Լիբանանի կազմը, որ նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Ճաքարթա, իր գլխաւոր մարզիչին` Ժատ Հաժի...

Յակոբ Սերոբեան. «Մեզի Համար Անակնկալ Էր, Որ Պաքուի Մէջ Կը Ճանչցուինք Աշխարհի  Բացարձակ Բաժակակիրներ»

Յակոբ Սերոբեան. «Մեզի Համար Անակնկալ Էր, Որ Պաքուի Մէջ Կը Ճանչցուինք Աշխարհի Բացարձակ Բաժակակիրներ»

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան նախանցեալ օր իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ նախորդ 21 յունիսին յստակացաւ, որ Պաքուի մէջ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի վերջին հանգրուանէն ետք, բոլոր հանգրուաններու արդիւնքներուն ամփոփումէն ետք, Արթուր Դաւթեան եւ Վահագն Դաւթեան հռչակուած են աշխարհի բաժակակիրներ: «Մեզի համար անակնկալ էր, որ Պաքուի մէջ կը ճանչցուինք աշխարհի բացարձակ բաժակակիրներ: «Եւրոպայի ախոյեանութենէն առաջ խումբին հոգեբանական տրամադրութիւնը...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականի  Յաղթական Մեկնարկը

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականի Յաղթական Մեկնարկը

Նախորդ շաբաթավերջին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ սկսան Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակին մրցումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սուրէն Արզումանեան, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ երեք կէտի տարբերութեամբ` 49-46 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի: Հայրենի կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Անի Մկրտչեան (14 կէտ եւ 15 ռիպաունտ): Սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին, Հայաստան 102-40 արդիւնքով...

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք.  Էլենա Ռիպաքինա` Աղջկանց Տիտղոսակիր

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարք. Էլենա Ռիպաքինա` Աղջկանց Տիտղոսակիր

Ղազախստանի ներկայացուցիչ` Էլենա Ռիպաքինա (դասուած` 17-րդ) նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, աղջկանց աւարտական մրցումին 3-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնով յաղթելով մարոքցի Օնս Ժապերին (3-րդ): Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կրան շլեմի մրցաշարքի մը աւարտականին կը հասնէին: 23 տարեկան ռուս Ռիպաքինա 2018-էն ի վեր կը ներկայացնէ Ղազախստանը: Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով Ռուսիոյ...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Մակնուս Քորթ Նիլսըն`  10-րդ Հանգրուանի Յաղթականը

«Թուր Տը Ֆրանս». Մակնուս Քորթ Նիլսըն` 10-րդ Հանգրուանի Յաղթականը

Երէկ` երեքշաբթի, 12 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքի («Թուր տը Ֆրանս») 10-րդ հանգրուանի մրցումը, Մորզեն լը Փոր տը Սոլէյէն` Մեժեւ (148 քմ): Անիկա վերջ գտաւ նորվեկիացի Մակնուս Քորթ Նիլսընի (Ռայտըրզ Էճուքէյշըն Իզիփոսթ) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 18 վայրկեան եւ 50 երկվայրկեան արդիւնք մը: Նշենք, որ այս մրցումը աւարտէն 36 քմ առաջ ընդմիջուեցաւ, երբ բողոքողներ ճամբան...

«Եւրօ-2022».  Նոր Մրցանիշ` Աղջկանց  Ֆութպոլի Բացման Մրցումին

«Եւրօ-2022». Նոր Մրցանիշ` Աղջկանց Ֆութպոլի Բացման Մրցումին

Աղջկանց ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2022») բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ անգլիական Մանչեսթըրի «Օլտ Թրեֆորտ» մարզադաշտին վրայ, իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Աւստրիա: Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Այս մրցումին համակիրներու թիւի իմաստով նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայ գտնուեցան 68,871 հանդիսատեսներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն, Անգլիա իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Նորվեկիան եւ...

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի  Երիտասարդներու 2-րդ Ախոյեանութիւն.  Սուրիա Գրաւեց Ընդհանուր Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Երիտասարդներու 2-րդ Ախոյեանութիւն. Սուրիա Գրաւեց Ընդհանուր Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու 2-րդ ախոյեանութիւնը (20 տարեկանէն վար), որ իրարու մօտ համախմբեց 9 երկիրներու երկսեռ մարզիկները, պսակուեցաւ շատ մեծ յաջողութեամբ: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ: Տիրանալով 9 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի, Սուրիա գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:...

Ծանրաբարձութիւն.  Անդրանիկ Կարապետեան Ախոյեան`  Լաս Վեկասի Մէջ

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան Ախոյեան` Լաս Վեկասի Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող Անդրանիկ Կարապետեան եւ Գոռ Մինասեան, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան «Բարեկամութեան բաժակ» մրցաշարքին, յաջողեցան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով մետալներու տիրանալ: Կարապետեան տիրացաւ ոսկի մետալի, մինչ Մինասեան` արծաթ մետալի: Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած կազմը այս մրցաշարքին ելոյթ ունեցաւ հինգ մարզիկով: Նշենք, որ աղջկանց մրցումներուն տիտղոսակիր դարձաւ եգիպտացի Սառա Ահմետ:

Փիւնիկ-08` Մանկապատանեկան Ֆութպոլի  Մինի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Փիւնիկ-08` Մանկապատանեկան Ֆութպոլի Մինի Մրցաշարքի Տիտղոսակիր

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր աւարտին հասաւ մանկապատանեկան ֆութպոլի մինի մրցաշարքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մրցաշարքին մասնակցեցան` Ակադեմիա-08, Փիւնիկ-08, Արարատ-Արմենիա-08 եւ ֆրանսական Փարիզը ներկայացնող Փլեզիս Ռոպինսոն խումբերը: Տիտղոսակիր դարձաւ Փիւնիկ-08 խումբը:  

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Արարատ-Երեւան 2-0 Արդիւնքով  Պարտուեցաւ Շքենտիժայէն

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Արարատ-Երեւան 2-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Շքենտիժայէն

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արարատ-Արմենիա, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրը եղաւ Շքենտիժային: Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 21-րդ եւ 45-րդ վայրկեաններուն: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, Երեւանի մէջ:  

Ա. Սէ. Միլան Կէս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը  Կնքեց Իպրահիմովիչի Հետ

Ա. Սէ. Միլան Կէս Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Իպրահիմովիչի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան կէս տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Ան համաձայն գտնուեցաւ 100 հազար եւրօ աշխատավարձի: 40 տարեկան ֆութպոլիստը իր կատարած ծունկի վիրաբուժութենէն ետք այժմ վերականգնումի մէջ է: Անոր վերադարձը ֆութպոլի դաշտերը կ՛ակնկալուի նոյեմբերին: Եթէ Իպրահիմովիչ կարենայ շարունակել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, յունուար 2023-ին միլանեան ակումբը անոր...

Page 384 of 1280 1 … 383 384 385 … 1,280

Արխիւներ