Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի վաստակաւոր մարզիչ Արմէն Բաբալարեան նշանակուեցաւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Ան փոխարինեց Էդուարդ Սահակեանը, որ խումբին մարզիչն է 2019-էն ի վեր:
54 տարեկան Բաբալարեան մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 1995-ին:
Ան գլխաւորած է նաեւ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը: