Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Ճիւնի, իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկ Պէյրութէն, ապա 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆատի Աքտասէն (3-1):
Իր կարգին, երկու պարտութիւն կրեց Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, յաջորդաբար Ահլի Սայտայէն (3-2) եւ Ղատիր Ժըպշիթէն (3-0):