Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի յառաջատարներէն, ողիմպիական խաղերու եւ աշխարհի փոխախոյեան, գիւմրեցի գերծանր քաշային կարգի (109 քկ եւ վեր) մրցումներուն մասնակցող` Գոռ Մինասեան պիտի ներկայացնէ Պահրէյնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցակարգի համաձայն, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն ամէն երկիր հինգական քաշային կարգերով իւրաքանչիւրին կրնայ ներկայացնել երկուքական մարզիկ-մարզիկուհի:
Կ՛ակնկալուի, որ գերծանր քաշային կարգին Հայաստանը ներկայացնեն Վարազդատ Լալայեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան, որ նախապէս հանդէս եկած է 109 քկ դասակարգի մրցումներուն: Սակայն այս քաշային կարգը այսուհետեւ ողիմպիական չէ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի հաւաքականը 25 յուլիսին Աբովեանի մէջ պիտի սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը` պատրաստուելու համար այս տարեվերջին Քոլոմպիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:


