Նախորդ շաբաթավերջին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ սկսան Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան Բ. դասակարգի Բ. խմբակին մրցումները:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որուն գլխաւոր մարզիչն է Սուրէն Արզումանեան, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ երեք կէտի տարբերութեամբ` 49-46 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի:
Հայրենի կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Անի Մկրտչեան (14 կէտ եւ 15 ռիպաունտ):
Սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին, Հայաստան 102-40 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Իսրայէլէն:
Այսօր` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին Հայաստան կը կատարէ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող զտումի իր երրորդ եւ վերջին մրցումը` Գերմանիոյ դէմ:
Նշենք, որ խմբակին առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:


