Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց երիտասարդներու 2-րդ ախոյեանութիւնը (20 տարեկանէն վար), որ իրարու մօտ համախմբեց 9 երկիրներու երկսեռ մարզիկները, պսակուեցաւ շատ մեծ յաջողութեամբ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ:
Տիրանալով 9 ոսկի, 7 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալի, Սուրիա գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Քաթար հանդիսացաւ երկրորդ (8 ոսկի, 6 արծաթ եւ 5 պրոնզ), մինչ երրորդ հանդիսացաւ` Իրաք (7 ոսկի, 12 արծաթ եւ 6 պրոնզ):
Հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան, որ առաջին ախոյեանութեան հանդիսացած էր առաջին, այս անգամ հանդիսացաւ 5-րդ (6 ոսկի, 4 արծաթ եւ 10 պրոնզ):
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամները, ախոյեանութեան աւարտին իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին անոր բացառիկ կազմակերպման համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, անոր յաջողութեան մէջ իրենց գործօն դերը ունեցած անձերուն: