Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր նորամուտը Ինթեր Միլանի հետ նշեց յաղթանակով:
Միլանեան կազմը, որ Զուիցերիոյ մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լուկանոյի դէմ, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
33 տարեկան Մխիթարեան, որ իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ Ա. կիսախաղին միայն:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզ:
Նշենք, որ Ինթեր Միլան ֆութպոլի այլ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 16 յուլիսին պիտի հիւրընկալէ Մոնաքոն: