Հայրենի ֆութպոլիստ Արամ Քոչարեան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ տեղափոխուեցաւ Վիթեպսքի (Պիելոռուսիա), այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
26 տարեկան միջնապահ Քոչարեան իր նոր ակումբին հետ կէս տարուան (մինչեւ 31 դեկտեմբեր) պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Ան 2021-2022 տարեշրջանին առաջին բաժինը մաս կազմեց Փիւնիկ Երեւանին, իսկ երկրորդ բաժինը` Նորավանքին:
Նշենք, որ թէեւ ան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական, սակայն ցարդ պաշտօնական որեւէ մրցումի իր մասնակցութիւնը չբերաւ: