Աղջկանց ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2022») բացման մրցումին, որ տեղի ունեցաւ անգլիական Մանչեսթըրի «Օլտ Թրեֆորտ» մարզադաշտին վրայ, իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Աւստրիա:
Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Այս մրցումին համակիրներու թիւի իմաստով նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայ գտնուեցան 68,871 հանդիսատեսներ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն, Անգլիա իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Նորվեկիան եւ Հիւսիսային Իրլանտան:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Նորվեկիա իր կարգին ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` 4-1 արդիւնքով յաղթելով Հիւսիսային Իրլանտային:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան տոմսերը գնած են 99 երկիրներէ 500 հազարէն աւելի հանդիսատեսներ:
Հանդիսատեսներ պիտի ըլլան նաեւ Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Աւստրալիայէն:
Ախոյեանութեան աւարտականի մրցումը (31 յուլիս) տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:


