Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ երէկ մեկնարկը տրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 95-80 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներուն:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (20 կէտ), մինչ 19-ական կէտ նշանակեցին Հայկ Կէօքճեան եւ Ճոնաթըն Օլտրիճ:
Վաղը` ուրբաթ, 15 յուլիսին, Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, երբ ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի: