Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Փրիզրեն (Քոսովօ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 12-17 յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն:
Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 97-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անտորրայէն:
Երկրորդ մրցումին սակայն, Հայաստան, որ մրցեցաւ Մոլտովայի դէմ, յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել 84-72 արդիւնքով:
Վերջինս, իր կատարած առաջին մրցումին եւս պարտուած էր Ճիպրալթարէն` 72-68 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Կրեկորի Ղազարեան (33 կէտ):
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Զօրիկ Իսաջանի, որ իրեն օգնական ունի Սարգիս Ստեփանեանը եւ Սեւակ Քեթենճեանը: