Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, այսօր` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին Ինտոնեզիոյ մէջ կը կատարէ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը, երբ ժամը 16:00-ին (Պէյրութի Ժամանակացոյցով), կը մրցի Ֆիլիփեան կղզիներուն դէմ:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Նոր Զելանտան եւ Հնդկաստանը:
Նշենք, որ Լիբանանի կազմը, որ նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Ճաքարթա, իր գլխաւոր մարզիչին` Ժատ Հաժի հսկողութեամբ, սկսաւ կատարել իր փորձերը, ամէն գնով լաւ արդիւնք արձանագրելու համար:
Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի:


