Հայաստանի ներկայացուցիչ Արարատ-Արմենիա, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրը եղաւ Շքենտիժային:
Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Յաղթական կազմը իր կոլերը նշանակեց 21-րդ եւ 45-րդ վայրկեաններուն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, Երեւանի մէջ: