Հայաստանը ներկայացնող Անդրանիկ Կարապետեան եւ Գոռ Մինասեան, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան «Բարեկամութեան բաժակ» մրցաշարքին, յաջողեցան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով մետալներու տիրանալ:
Կարապետեան տիրացաւ ոսկի մետալի, մինչ Մինասեան` արծաթ մետալի:
Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորած կազմը այս մրցաշարքին ելոյթ ունեցաւ հինգ մարզիկով:
Նշենք, որ աղջկանց մրցումներուն տիտղոսակիր դարձաւ եգիպտացի Սառա Ահմետ: