Երէկ` կիրակի, 24 յուլիսին, Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ իր աւարտին հասաւ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան երրորդ դիրքի եւ աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած կիսաւարտականի մրցումներուն, Աւստրալիա 85-76 արդիւնքով յաղթեց Նոր Զելանտային, մինչ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը իր յաղթանակը արձանագրեց Յորդանանի դէմ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 86-85 արդիւնքով (կիսախաղ` 46-41, ի նպաստ Լիբանանի):
Լիբանան, որ երէկ յետմիջօրէին աւարտականին մրցեցաւ Աւստրալիոյ դէմ, դարձեալ չյաջողեցաւ տիրանալ տիտղոսին, անկէ կրելով երկու կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը` 75-73 արդիւնքով:
Այսպիսով, Աւստրալիա, որ գրեթէ տիրապետեց մրցումին, տիտղոսը պահեց իր մօտ, որուն տիրացած էր 2017-ին` Լիբանանի մէջ:
Լիբանանի ազգային խումբին մաս կազմող Ուաէլ Արաքժի, ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը: Ան երէկուան մրցումին նշանակեց 28 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ալի Հայտար` 23 կէտ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ տեղի ունեցած ճակատումը եղաւ բաւական տաք եւ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ իրենց ամէն կարելին կ՛ընէին` հասնելու համար աւարտական հանգրուանին:
Մրցումին յաղթական կազմին անունը վճռուեցաւ իրաւարարին սուլիչէն ետք միայն` նկատի ունենալով, որ անոր աւարտէն 20 երկվայրկեան առաջ յաղթական էր Յորդանան, մինչ 10 երկվայրկեան առաջ` Լիբանան:
Լիբանանի յաղթանակի կողովը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 85-84 արդիւնքով` ի նպաստ Յորդանանի:
Նշենք, որ Յորդանանէն մրցումը չկրցաւ շարունակել Մոհամետ Հիւսէյն (տիսքուալիֆայտ ֆաուլի պատճառով):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուաէլ Արաքժի (25 կէտ), ապա Սերճիօ Տարուիշ (18) եւ Քարիմ Ազզէտտին (14):
Իսկ Յորդանանէն 24 կէտ նշանակեց Ամին Ապու Հաուաս: