Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց պատմական յաղթանակ մը հզօր Չինաստանի դէմ, 72-69 արդիւնքով:
Այսպիսով, Լիբանան իր մարզական վրէժը լուծեց Չինաստանէն, որմէ պարտուած էր 2001-ին եւ 2005-ին, նոյն այս մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն:
Նշենք, որ թէեւ մրցումին նախօրեակին կը կարծուէր, որ յաղթականը պիտի ըլլայ Չինաստանը, սակայն լիբանանցի մարզիկները իրենք զիրենք պարտադրելով տարին վերջնական յաղթանակը:
Կիսաւարտականի մրցումներուն Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Յորդանանը, որ երէկ յաղթանակ արձանագրեց Իրանի դէմ:
Երէկուան այս մրցումին Լիբանանէն 32 կէտ նշանակեց Ուաէլ Արաքժի:
Անոր խմբակից Ճոնաթըն Օլտրիճ նշանակեց 16 կէտ, իսկ Սերճիօ Տարուիշ` 10 կէտ:
Մրցումէն ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի շնորհաւորեց ազգային խումբին մարզիկներն ու բոլոր լիբանանցիները` արձանագրուած այս բացառիկ յաղթանակին համար: