24-30 յուլիսին Սլովաքիոյ Պանսքա Պիսթրիքա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական պատանեկան ողիմպիական փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ հայ մարմնամարզիկները` մարզիչներ Սերոբ Սողոմոնեանի եւ Քնարիկ Բրսոյեանի գլխաւորութեամբ:
Սլովաքիա մեկնող մարզիկները պիտի ըլլան` Էրիք Բաղդասարեան, Ռոպերթ Գիւլումեան եւ Մարիեթա Բուչախչեան:
Մրցաշարքին նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին են նաեւ հայրենի միջազգային կարգի իրաւարարներ Արթուր Գիւրջինեան եւ Աստղիկ Բաբայեան: