Մարզական

Պարսելոնա 6-0 Արդիւնքով Յաղթական`  Առանց Իր Մարզիչին

Պարսելոնա 6-0 Արդիւնքով Յաղթական` Առանց Իր Մարզիչին

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա ամերիկեան իր շրջագայութեան սկսաւ բաւական տպաւորիչ յաղթանակով մը: Ֆորթ Լոտըրտէյլի մէջ քաթալոնական կազմը, որ մրցեցաւ Ինթեր Մայեմիի դէմ, արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Պարսայի հետ իր նորամուտը կոլով մը տօնեց պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիա: Կոլի հեղինակ դարձան նաեւ սպանացի միջնապահ Կաւի, յառաջապահներ` կապոնցի Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, սպանացի Անսու Ֆաթի, նետերլանտցի Մեմֆիս Տեփայ եւ ֆրանսացի Ուսման Տեմպելէ: Պարսելոնայի նորեկ...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Այսօր` Լիբանան-Չինաստան

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Լիբանան-Չինաստան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երբ ճակատի Չինաստանի դէմ: Քառորդ աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Ա. հանգրուանի իր մրցումները աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով երեք յաղթանակ: Այսօրուան այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր Լիբանանի համար` նկատի...

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանեան Համալսարաններու Աղջկանց Ազգային Խումբին Յաղթական Մեկնարկը

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Համալսարաններու Աղջկանց Ազգային Խումբին Յաղթական Մեկնարկը

Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցող համալսարաններու  ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան համալսարաններու  աղջկանց ազգային խումբը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Չեխիոյ: Այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փորթուգալ: Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Պրակայի եւ Կիմարաէշի մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 9 երկիրներու ազգային խումբերը:    

Այսօր Ճատրակի Միջազգային Օրուան Առիթով  Նախաձեռնութիւն` Քասքատի Մէջ

Այսօր Ճատրակի Միջազգային Օրուան Առիթով Նախաձեռնութիւն` Քասքատի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին, Ճատրակի միջազգային օրուան առիթով, Քասքատի մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ նախաձեռնութիւն, ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախաձեռնութեան ընթացքին կազմակերպուած է միացեալ մրցում, որ երիտասարդ ճատրակ խաղացողներուն եւ նոյնիսկ անոր կայացման վայրէն անցորդներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ մրցելու կրանտմասթըր Տիգրան Պետրոսեանի եւ միջազգային կրանտմասթըր Տիգրան Յարութիւնեանի հետ: Նշուեցաւ, որ մուտքը...

Ըմբշամարտ.  Եուրի Մխիթարեան` Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Եուրի Մխիթարեան` Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Յունահռոմէական ոճի պատանի ըմբիշ Եուրի Մխիթարեան Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար պատանեկան ախոյեանութեան 41 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին: Ան աւարտականին 8-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ազրպէյճանցի Թուրան Տաշտամիրովէն: Իսկ Դաւիթ Սարգսեան (52 քկ), Սամուէլ Տէրտէրեան (62 քկ) եւ Արթուր Ամոյեան (68 քկ), որոնք պայքարեցան պրոնզէ մետալի համար, չկրցան յաջողութեան հասնիլ:  

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Էդուարդ Սպերցեան Կոլի Հեղինակ`  Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էդուարդ Սպերցեան Կոլի Հեղինակ` Տարեշրջանի Բացման Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն դարձաւ կոլի հեղինակ: Ան իր կազմին` Քրասնոտարի հետ դարձաւ կոլի հեղինակ (40-րդ վայրկեանին), երբ Ֆաքելի դէմ կատարուած բացման մրցումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Բ. հանգրուանի մրցումներուն, անոր կազմը 24 յուլիսին պիտի մրցի Սպարտակ Մոսկուայի դէմ:

Արտեոմ Սիմոնեան Տեղափոխուեցաւ  Թորփետօ Մոսկուա

Արտեոմ Սիմոնեան Տեղափոխուեցաւ Թորփետօ Մոսկուա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան Վոլկարէն տեղափոխուեցաւ Թորփետօ Մոսկուա, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, անոր միացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ: Անոր փոխանցման արժէքը ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի կը գնահատուի 350 հազար եւրոյով: Սիմոնեան, որ ազգային հաւաքականին շապիկը կրած է 10 անգամ, նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին հետ 28...

Թենիս.  Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող Համպուրկի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը: Խաչանով, որ դասուած է 30-րդ, իր յաղթանակը արձանագրեց 122-րդ դասուած գերմանացի Եան-ԼենարդտՇթրուֆի դէմ, 3-6, 6-3, 7-6 եւ 7-2 արդիւնքով:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. »  Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ժեզզինի  10-րդ Ռելիի Տիտղոսին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. » Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Ժեզզինի 10-րդ Ռելիի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 10-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Տիտղոսին տիրացաւ Ռոժէ Ֆըղալի (Վոլսվակըն Փոլօ), որ իր օգնականին` Ֆուատ Ֆըղալիի հետ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 46' 06'' արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Թամեր Ղանտուր-Սալիմ Ժըլայլաթի զոյգը (Սքոտա Ֆապիա, 47' 41''), մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Ապտալլա Ռաուահի (Օման)-Աթա Համմուտ (Յորդանան) զոյգը...

Ռոպերթ Լեւանտովսքի Միացաւ Պարսելոնային

Ռոպերթ Լեւանտովսքի Միացաւ Պարսելոնային

Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին միացաւ քաթալոնական Պարսելոնային: Ան իր նոր ակումբին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար մեկնեցաւ Մայեմի (Միացեալ Նահանգներ), ուր Պարսա կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` նախապատրաստուելու համար 2022-2023 տարեշրջանին: 33 տարեկան Լեւանտովսքի, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխին, անոր հետ ընդամէնը կատարեց 375 մրցում, նշանակեց 344 կոլ եւ կատարեց...

Մարզական Կոչումներ Շնորհուեցան  Մարզաշխարհի 33 Ներկայացուցիչի

Մարզական Կոչումներ Շնորհուեցան Մարզաշխարհի 33 Ներկայացուցիչի

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ երէկ մարզական կոչումներ շնորհուեցան մարզաշխարհի 33 ներկայացուցիչներու: Մարզիկներուն կոչումները յանձնեց նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, այս մասին յայտնեց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նախարարին տեղակալը շնորհաւորեց մարզիկներուն ստացած կոչումները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: Նախարար Վահրամ Դումանեանի հրամանագիրով, Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետի կոչման արժանացաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կռփամարտի եռակի ախոյեան` Յովհաննէս Բաչքով:...

Ջրառատ Համայնքին Մէջ Կ՛ընթանան Սիմոն Մարտիրոսեանի  Անուան Ծանրաբարձութեան Մարզադպրոցին  Շինարարական Աշխատանքները

Ջրառատ Համայնքին Մէջ Կ՛ընթանան Սիմոն Մարտիրոսեանի Անուան Ծանրաբարձութեան Մարզադպրոցին Շինարարական Աշխատանքները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արմաւիր մարզի Ջրառատ համայնք` հետեւելու համար ծանրաբարձութեան աշխարհի եւ եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի անուան մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքներուն: Անոր ընկերակցեցան Սիմոն Մարտիրոսեան եւ շինարարական հարցերու պատասխանատուները: Այս մարզադպրոցին կառուցման աշխատանքները, որոնք սկսան 2021-ին, շատ հաւանաբար մինչեւ տարեվերջ հասնին իրենց աւարտին: Ծրագիրի իրականացման ընդհանուր արժէքը...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ

Այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Լիւքսամպուրկի ախոյեան ԷՖ-91 Տուտելանժը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Ինչպէս տեղեկացուց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը, օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Անգլիայէն: Կեդրոնի իրաւարարն է Քրէյկ Փոըսըն: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ. անոր...

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար  Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի 3 Ըմբիշ Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը

Եւրոպայի 15 Տարեկանէն Վար Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 3 Ըմբիշ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանէն երեք ըմբիշ ապահովեց աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կիսաւարտականին Գագիկ Ղազարեան (44 քկ) 11-3 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի իր մրցակիցին, Հայկ Աւանեսեան (57 քկ)` ֆրանսացի իր մրցակիցին (9-7), մինչ Սահակ Յովհաննիսեան (75 քկ)` ուքրանացի իր մրցակիցին (9-5): Արմէն Պապիկեան (38 քկ)...

Հայրենի Ըմբիշները Կը Մասնակցին  Լեհաստանի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայրենի Ըմբիշները Կը Մասնակցին Լեհաստանի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 20-24 յուլիսին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը: Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի եւ յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականները: Ազատ ոճի ըմբիշները առաջին անգամ կը մասնակցին մրցաշարքին: Վարշաւա պիտի մեկնին Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեան` «Էֆ. Թի. Էքս.-Ռոտ Թու Մայեմի»-ի  Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` «Էֆ. Թի. Էքս.-Ռոտ Թու Մայեմի»-ի Տիտղոսակիր

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» ճատրակի առցանց մրցաշարքին: Աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Արոնեան, որ դարձեալ յաղթեց չինացի իր մրցակիցին` Եի Վեյին, դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր: Նշենք, որ «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» ճատրակի մրցաշարքը «Մելուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի հերթական հանգրուանն է, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ`...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի  Խմբային Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Երրորդ

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Երրորդ

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) իր աւարտին հասաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները հանդիսացան երրորդ` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շարթիէ Տար Նուրի: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին մաս կը կազմէին Նոէլ Քէշիշեան, Լարա Քեչեպաշեան եւ Լոռի Եահնէեան: Տիտղոսակիր դարձաւ Անդրանիկ Պէյրութ, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սայտային: Ինչ կը վերաբերի...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Առանց  Պարտութեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Առանց Պարտութեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 17 յուլիսին Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց այլ յաղթանակ մը, երբ այս անգամ 104-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը: Այսպիսով, Լիբանան առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, Ա. հանգրուանի նախորդ երկու մրցումներուն յաղթելէ ետք Ֆիլիփեան կղզիներուն (95-80) եւ Նոր Զելանտային (86-72): Լիբանանի քառորդ աւարտականի մրցակիցին անունը կը...

Եւրոպայի 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները  Հանդիսացան Փոխախոյեան

Եւրոպայի 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Հանդիսացան Փոխախոյեան

Քոսովոյի Փրիզրեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Գ. դասակարգի կիսաւարտականի մրցումներուն իրարու դէմ մրցեցան Հայաստան եւ Քոսովօ: Հայաստանի հաւաքականը, արձանագրելով 70-58 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր մրցեցաւ Անտորրայի դէմ: Հայրենի կազմը 84-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով հանդիսացաւ փոխախոյեան: Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Զօրիկ Իսաջանի: Իր կարգին, Հայաստանի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ  Մրցումին Մուտքը` Անվճար

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ Մրցումին Մուտքը` Անվճար

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վաղը` երեքշաբթի, 19 յուլիսին տեղի ունենալիք Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար: «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կազմը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ Լիւքսամպուրկի ախոյեան` Տուտելանժը: Երեւանեան ակումբը յայտնեց, որ որպէսզի կարելի ըլլայ...

Page 382 of 1280 1 … 381 382 383 … 1,280

Արխիւներ