Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ազատ ոճի ըմբիշ, 70 քկ դասակարգի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Արման Անդրէասեան, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վարշաւայի միջազգային մրցաշարքին, դարձաւ տիտղոսակիր` աւարտականի մրցումին 3-2 արդիւնքով յաղթելով ամերիկացի իր մրցակիցին:
Ազատ ոճի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):
Նշենք, որ ազատ ոճի մրցումներէն ետք կը սկսին յունահռոմէական ոճի մրցումները, ուր Հայաստան պիտի ունենայ 9 մասնակից:


