Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 23 յուլիսին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանանի տղոց ազգային խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի Յորդանանի դէմ:
Նշենք, որ Լիբանան միջազգային դասաւորման մէջ դասուած է 54-րդ, իսկ Յորդանան` 39-րդ:
Երկու կազմերուն միջեւ այսօրուան այս ճակատումը պիտի ըլլայ այս տարուան չորրորդը. Լիբանան արձանագրած է երկու յաղթանակ, մինչ Յորդանան` մէկ:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց` յաղթելէ ետք տիտղոսի գլխաւոր թեկնածու նկատուող Չինաստանին:
Յորդանանին յաղթելու պարագային, Լիբանան աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Աւստրալիա-Նոր Զելանտա մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ Լիբանան նախապէս երեք անգամ ապահոված է աւարտական հանգրուանի իր տոմսը (2001, 2005 եւ 2007)` առանց սակայն կարենալ տիտղոսին տիրանալու:
Ինչ կը վերաբերի Յորդանանին, անիկա միայն մէկ անգամ` 2011-ին, հասած է աւարտականին:


